2014-02-25 13:10:46

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 25 փետրուարի քարոզը` ''մինչ զինավաճառները սրահներու մէջ կը զուարճանան, գաղթակններու ճամբարբներու մէջ մանուկները անօթի են։''


''Մինչ զինավաճառները սրահնրերու մէջ կը զուարճանան, գաղթակններու ճամբարբներու մէջ մանուկները անօթի են ։'' Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի, երեքշաբթի, 25 փետրուարի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ մատուցած պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին ընթացքին ներկայացուցած մէկ կենդրոնական պատկերը։
Ֆրանչիսկոս Պապը բոլոր իր քարոզը նուիրեց` պատերազմի դէմ եւ խաղաղութեան ի նպաստ կոչին`աշխարհի մէջ ինչպէս նաեւ ընտանիքներուն մէջ։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց թէ ''խաղաղութիւնը լոկ բառ մը չէ'', ու հրաւիրեց Քրիստոնեաները վարժութիւն չի դարձնելու պատերազմի գայթակղութիւնը։
Քահանայապպտը մատնանշեց թէ ''պատերազմները, ատելութիւնն ու թշնամութիւնները, ծախու չեն առնուիր, այլ կը բնակին սրտերուն մէջ։ Պատերազմի հոգին է որ մեզ Աստուծմէ կը հեռացնէ – ըսաւ Ան ու մատնանշեց թէ ''շատ ընտանիքներ բաժնուած են, որովհետեւ հայրը եւ մայրը կարող չեն խաղաղութեան ճանապարհի դիմել եւ կը նախընտրեն պատերազմը …. ''Ու պատերազմը քանդիչ է'', Հատատեց Ան հրաւիրելով ներկաները աղօթելու խաղաղութեան համար որպէսզի այս բառը ներգործութեան կարողութիւնը ունենայ ։ Ան ապա աւելցուց ''որպէսզի այս կարելի ըլլայ, հետեւինք Յակովբոս առաքեալի խօսքերուն` ''ընդունինք մեր խեղճութիւնը'', յան խեղճութիւնը ուրկէ կը յառաջանայ պատերազմը։
''Այսօր 25 փետրուարին – ըսաւ Սրբազան Հայրը աւարտելով քարոզը – ամէն մէկ քրիստոնեայ, ի տես ամենուրէք տիրող պատերազմներուն, թող ոխբայ, թող սուգ պահէ եւ խոնարհի''. Ու եզրափակեց `'' թող Տէրը մեզ փրկէ պատերազմներու լուրերուն վարժ դառնալէ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.